image

Աֆրինի մօտ թրքական ուժեր կը կուտակուին. Քիւրտերը կը զգուշացնեն հնարաւոր յարձակումէ

Աֆրինի մօտ թրքական ուժեր կը կուտակուին. Քիւրտերը կը զգուշացնեն հնարաւոր յարձակումէ

Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Աֆրին քրտաբնակ շրջանին ուղղութեամբ յարձակումի մը կարելիութեան մասին զգուշացուցած Սուրիոյ քրտական ուժերու` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Նուրի Մահմուտ: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» գործակալութիւնը, նշելով, որ քրտական կողմը կը յստակ չի կրնար նշել, թէ որքա՛ն հրասայլեր ու զրահապատ մեքենաներ արդէն կուտակած է Աֆրինի հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ, սակայն կը նշուի, որ թրքական կողմը նոյն ձեւով ծանր հրասայլեր ու զրահապատ մեքենաներ կը տեղափոխէ Իտլիպի ուղղութեամբ:

Նուրի Մահմուտ նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա այս հարցին մէջ «ուժ կը ստանայ» Ռուսիայէն: