image

Աֆրինի դէմ թրքական ուժերու յարձակումներուն պիտի մասնակցին սուրիական ազատ բանակի 20 հազար զինեալներ. SABAH

Աֆրինի դէմ թրքական ուժերու յարձակումներուն պիտի մասնակցին սուրիական ազատ բանակի 20 հազար զինեալներ. SABAH

Սուրիական ազատ բանակին մաս կազմող 20 հազար զինեալներ պիտի մասնակցին հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ թրքական բանակի իրականացնելիք յարձակումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «SABAH» թերթը, նշելով, որ գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան Աքրինի մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ:

Աղբիւրի համաձայն, գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է Թել-Ռիֆհաթ քաղաքի եւ օդուժի Մինղ ռազմակայանի գրաւումը, պիտի տեւէ 70 օր: