9 Հալէպահայեր այսօր Երեւան կը ժամանեն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հալէպ» բարեսիրական միութիւնէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ մեր հայրենակիցները Երեւան կը ժամանեն այսօր յետմիջօրէին Տուպայի վրայով: Անոնք պիտի դիմաւորուին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հալէպ» միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Կը սպասուի, որ յառաջիկայ օրերուն եւս հալէպահայերու նոր խումբ մը Երեւան ժամանէ: