image

560 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 802-ի

560 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 802-ի

Հայաստանի մէջ,  21 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 20 268 դէպք, որոնցմէ 9002ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 802 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 95 754 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 560 նոր դէպք եւ  148 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 18 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 350):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 81, 57, 81, 66, 61, 73, 84, 65, 72, 51, 57 տարեկան տղամարդիկ և 62, 65, 64, 55, 48, 90, 87 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 114 է: