image
Հրատապ լուրեր:

461 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 507-ի

461 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 10 507-ի

Հայաստանի մէջ, 18 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 34 462 դէպք, որոնցմէ 23 123-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 507 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 145 083 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 461 նոր դէպք եւ  631 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 631):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  53 (կին), 53 (կին), 68 (տղամարդ), 88 (տղամարդ), 64 (կին), 74 (կին), 59 (կին), 62 (տղամարդ), 92 (կին), 69 (տղամարդ) եւ 81 (կին) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 201 է: