image

2016-ի Սպասումները.Ժիրայր Չոլաքեան*

2016-ի Սպասումները.Ժիրայր Չոլաքեան*

2016-ի մեր գլխաւոր սպասումները տարբեր չեն նախորդ տարիներու սպասումներէն: Տարիները կ՛անցնին, ու հայութեան քաղաքացիական սպասումները կը մնան նոյնը՝ խաղաղութիւն, բարօրութիւն: Քաղաքական դասին, տնտեսական գործակատարներու եւ ստեղծագործ մշակութային ուժերու համերաշխ գործակցութեամբ միայն կարելի է գոհացնել այս սպասումները: Որքանո՞վ զուտ հայկական քաղաքական օրակարգը՝ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու ամրապնդումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը, Սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանումը կը յարմարի վերնոշեալ սպասումներու կաղապարին:Հայաստանի քաղաքացիին, սփիւռքահայուն, ինչպէս որեւէ այլ երկրի քաղաքացիին, բոլորին սպասումները շատ պարզ են ու նոյնանման: Ընդհանրական լայն գիծերու մէջ, հայութեան համար խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն ապահովելը կ՛ենթադրէ վերոնշեալ օրակարգի իրագործումը:Չենք կրնար ըսել գոնէ, որ Հայաստանի քաղաքական դասը չի հետապնդեր այս օրակարգը: Հապա ինչո՞ւ չ՛իրականանար: Միամտութիւն պիտի ըլլար հաւատալ, որ դիւրին իրագործելի նպատակներ են: Դարաւոր դրացի թշնամի երկիրներու վերաբերումը, միջազգային մրցակցութեան պայմանները, գերտէրութիւններու իրերամերժ շահերը, Հայաստանի՝ անցեալէն կուտակած թերացումները եւ իշխանաւորներու կարճատես եսասիրութիւնը… բացի վերջին կէտէն, մնացեալ բոլորը շատ հասկնալի, շօշափելի պատճառներ են, իրագործումի արգելք հանդիսացող եւ այդուհանդերձ՝ լուծելի, միայն եթէ իշխանաւորներու դասը գիտակցէր եղելութեան:Երբ քաղաքական դասը անկարող է դիմագրաւելու դժուարութիւնները, բնականաբար քաղաքացիական ընկերութիւններուն եւ լրատու միջոցներուն կ՛իյնայ օգնել, որ ան գիտակցի իր պարտականութիւններուն: Որովհետեւ այն արագ ընթացքով, որ երկրագունդը կը յառաջանայ, ամէն ուշացում անդառնալի հետեւանքներ կ՛ունենայ: Գոնէ հայութեան ապագայ պարագային այդպէս է: Իսկ Սփիւռքը, սփիւռքահայ ղեկավարները նոյնքան պատասխանատու են, երբ չքմեղանքով կը մօտենան Հայաստանի պետական աւագանիին եւ կը համակերպին անոր գործելաոճին:Սակայն կայ աւելին. Դեկտեմբերին, Փարիզի արուարձանին՝ Լը Պուրժէի մէջ տեղի ունեցաւ COP 21 բնապահական համաշխարհային համաժողովը: Ան մարդկութեան, երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն առջեւ կը դնէ հիմնական ընդհանրական մարտահրաւէր մը, զոր պետութիւնները չեն կրնար դիմագրաւել անջատաբար: Հետեւաբար գործակցութիւնը պայման է ոչ միայն նեղ ազգային սահմաններու մէջ, այլ՝ միջազգային մասշտաբով:Սակայն, միջազգային սարսափելի քանդիչ մրցակցական քաղաքականութիւնը ունի իր օրէնքները, որոնք կ՛արգելակեն փոխշահաւէտ գործակցութիւնը: Կը բաւէ Սուրիոյ օրինակը աչքի առջեւ ունենալ: Եւ այս հանգամանքը աւելիով մեծ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ հայկական քաղաքական դասը, նկատի ունենալով Հայաստանի բնապահպանման ծանր խնդիրները, որոնք այս վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի ընդերքի լայնածաւալ անվերահսկելի շահագործումի պատճառով՝ կարգ մը վայրերու մէջ շատ վտանգաւոր պայմաններ ստեղծեցին:

 

 

 

*Ժիրայր Չոլաքեան

«Նոր Յառաջ»ի խմբագիր: