Եզիտի 14 ամեայ պարմանուհի յայտնած է, որ 2014-ին 180 անգամ բռնաբարուած է է «Տահէշ» խմբաւորումի զինեալներու կողմէ
Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ Իխլաս անունով պարմանուհին բազմիցս առեւանգուելէ ետք փորձած է փախչիլ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Սանճար լեռը մագլցելով։ Սակայն, չէ կրցած իրականացնել փախուստի փորձը եւ գերի մնացած էր «Տահէշ»ի ձեռքը։ Իխլաս նաեւ ըսած է, որ ան բազմիցս փորձած է անձնասպան ըլլալ։
6 ամիս առեւանգուած մնալէ ետք Իխլաս յաջողած է փախչիլ եւ շրջան մը գաղթակայան մնալէ ետք անցած է Գերմանիա եւ մինչեւ օրս կը մնայ Գերմանիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր անհրաժեշտ բուժումներ կը ստանայ կը ստանայ: Իրաքի մէջ ծնած Իխլասի երազն է փաստաբանուհի դառնալ: