image

14-ամեայ Իխլասը 180 անգամ բռնաբարուած է «Տահէշ»ի կողմէ

14-ամեայ Իխլասը  180 անգամ   բռնաբարուած է  «Տահէշ»ի կողմէ

Եզիտի 14 ամեայ պարմանուհի   յայտնած է, որ 2014-ին 180 անգամ  բռնաբարուած է է «Տահէշ» խմբաւորումի զինեալներու կողմէ

 Այս   մասին  լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ»  կայանը   նշելով, որ Իխլաս անունով    պարմանուհին բազմիցս առեւանգուելէ ետք փորձած է փախչիլ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Սանճար լեռը մագլցելով։ Սակայն, չէ կրցած իրականացնել  փախուստի  փորձը եւ գերի մնացած էր «Տահէշ»ի ձեռքը։ Իխլաս նաեւ ըսած է, որ   ան  բազմիցս փորձած է անձնասպան ըլլալ։

6 ամիս առեւանգուած մնալէ ետք Իխլաս   յաջողած է  փախչիլ եւ շրջան մը գաղթակայան մնալէ ետք անցած է Գերմանիա եւ մինչեւ օրս կը մնայ Գերմանիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր անհրաժեշտ  բուժումներ կը ստանայ կը ստանայ: Իրաքի մէջ ծնած  Իխլասի  երազն է փաստաբանուհի   դառնալ: