image

113 հաստատուած նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2386-ի

113 հաստատուած նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2386-ի

Հայաստանի մէջ, 3 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2386 դէպք, որոնցմէ 1035-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1312 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 177 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 113 նոր դէպք եւ 25 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 35 (աւելցած է եւս 2-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած է 79 (կին) եւ 58 (տղամարդ) տարեկան հիւանդներ։

«Քորոնա» ժահրով վարակուած, սակայն այլ պատճառով մահացած է 4 քաղաքացի (աւելցած է եւս 1-ով)։