image
Հրատապ լուրեր:

Զուիցերիոյ մէջ մեկնարկած է Ուքրանիոյ խաղաղութեան գագաթնաժողովը

Զուիցերիոյ մէջ մեկնարկած է Ուքրանիոյ խաղաղութեան գագաթնաժողովը

Ուքրանիոյ նախագահը մեկնած է Զուիցերիա, ուր այսօր մեկնարկած է Խաղաղութեան երկօրեայ գագաթնաժողովը։

Թելեկրամի էջին Վոլոտիմիր Զելենսքին տեղեկացած է, որ պիտի հանդիպի տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, որոնք ընդհանուր նպատակ ունին՝ աջակցելու Ուքրանիոյ մէջ արդար եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան: Անոր խօսքով՝ ի թիւս այլ հարցերու, օրակարգի վրայ պիտի ըլլան միջուկային եւ պարէնային անվտանգութիւնը, ռազմագերիներու, տեղահանուածներու, ուքրանացի երեխաներու վերադարձը։

Զուիցերական կողմը տեղեկացուցած է, որ Ուքրանիոյ խաղաղութեան գագաթնաժողովին պիտի մասնակցի 92 երկիր եւ 8 կազմակերպութիւն։ Նշուած է, որ միջոցառման ներկայ պիտի ըլլան պետութեան եւ կառավարութեան 57 ղեկավար:

Բացի օրակարգային հիմնական թեմաներէն՝ պիտի քննարկուի նաեւ հարցը, թէ երբ եւ ինչպէս Մոսկուան կրնայ ընդգրկուիլ խաղաղութեան գործընթացին մէջ: