image

Զոհուած Արարատ Թեւոսեանը Հատրութէն էր

Զոհուած Արարատ Թեւոսեանը Հատրութէն էր

Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի ձեռնարկած սադրանքներուն հետեւանքով երէկ զոհուած 32-ամեայ Արարատ Թեւոսեանը ծնունդով Հատրութ քաղաքի Ցոր գիւղէն էր:

«Արարատը երկար տարիներ Ռուսաստանում էր ապրում, 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ վերադարձաւ, կամաւորագրուեց եւ մասնակցեց պատերազմին, յետոյ էլ որոշեց, որ պէտք է բանակում ծառայի եւ աշխատանքի անցաւ որպէս պայմանագրային զինծառայող: Միշտ ասում էր` որ ես չգնամ կամ ուրիշը չգնայ, մեր հայրենիքը կը մնայ առանց զինուորի, սահմանապահի: Մի քանի օր առաջ հիւանդանոցում էր յայտնուել, պէտք է մնար բուժումը շարունակէր, բայց չմնաց, ասաց` պէտք է գնամ», պատմեց Արարատի ընկերը` Կարէնը:

Արարատ Թեւոսեանի ընտանիքը 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տեղափոխուած էր Արարատի մարզ: Ան ընտանիքի կրտսեր զաւակն էր, քոյր ու եղբայր ունի: 32-ամեայ Արարատ Թեւոսեանը ամուսնացած չէր:

Յիշեցնենք, որ երէ Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի ձեռնարկած սադրանքներուն, մասնաւորապէս` Bayraktar TB-2 տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման հետեւանքով մահացու վիրաւորում ստացած են Պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Դաւիթ Ռոպերթի Միրզոյեանը (ծն. 1978), Իշխան Սերժիկի Օհանեանը (ծն. 1994) եւ Արարատ Վագիֆի Թեւոսեանը (ծն. 1990):