Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեան կը գրէ՝
Մենք մնայուն ենք այն գիտակցութեան մէջ, որ մեր 100 000 արցախցի եղբայրներն ու քոյրերը տակաւին կ'ապրին իրենց օճախէն հեռու։ Կը թուայ, թէ այդ փաստը շատ արագ կը մոռցուի, չափազանց անհոգաբար, բայց սեփական տունը կորսնցնելը բան մըն է, որմէ երբեք չես կրնար վերականգնուիլ: Սակայն այս պարունակին մէջ ի յայտ կու գայ մէկ այլ հայրենիք՝ այն հայրենիքը, որ այսօրուան Հայաստանն է, որ կ'ապրինք ու կը շնչենք բոլորս։ Տունը կորսնցնելը, բայց յետոյ հայրենիքի մէջ յայտնուիլը գրեթէ երկընտրանք է:
Եթէ մարդոց մեծամասնութեան համար տունն ու հայրենիքը կրնան նոյնը ըլլալ, ոմանց համար այդպէս չէ: Որպէս հայրենադարձ՝ ես անձամբ առնչուած եմ այս իրողութեան հետ: Ես ալ, ինչպէս շատ այլ հայրենադարձներ, ստիպուած էի «կորսնցնել» մանկութեանս տունը, որպէսզի յայտնուիմ հայրենիքի մէջ։
Կ'երեւի բոլորս ալ պէտք է ինչ որ բան կորսնցնենք՝ հայրենիքի առանձնաշնորհը ձեռք բերելու համար։ Այդ զոհաբերութիւն մըն է, որ ոմանք կը ձեռնարկեն գիտակցաբար, իսկ միւսները՝ հանգամանքներէ դրդուած: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք այդ, եւ պէտք է առաւելագոյնն ընենք, որ քանի դեռ միասին ենք՝ մէկ վայրի մէջ, ինչ հողակտոր ալ այդ ըլլայ, հաւատանք եւ ապրինք այնպէս, կարծես մենք Հայաստանն ենք, իսկ Հայաստանն ալ մենք ենք:
Այս առիթով կ'առաջարկենք ստորեւ ծանօթանալ AMAA-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան) անցած ամսուան ձեռքբերումներու մասին քանի մը կարեւոր ակնարկներու։
Ամիսն՝ ամփոփ. յունուար 2024
Արեն Տէյիրմենճեան
AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն