image

Զրոյցը խաղաղութեան մասին էր. Կայացաւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը

Զրոյցը խաղաղութեան մասին էր. Կայացաւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը

Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշած է.

«Յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրի,

ողջունում եմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութիւնում՝ մեր մայրաքաղաքում: Այսօր մենք անցկացրեցինք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի նիստ, ի հարկէ ոչ բոլոր հարցերի շուրջ յաջողուեց հասնել կոնսենսուսի (համաձայնութեան), 17 որոշումներից 15-ն ընդունուեցին:

Յոյս ունեմ, որ այս ձեւաչափով մեզ կը յաջողուի քննարկել մեր երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգը, որը շատ յագեցած է: Պէտք է ընդգծել, որ մեր երկկողմ տնտեսական կապերը զարգանում են մեծ տեմպերով: Ես նկատեցի, որ այս տարի Հայաստանից Ռուսաստանի Դաշնութիւն արտահանումն աճել է 80 տոկոսով: Ի հարկէ, դա կապուած է լոգիստիկ շղթաների որոշ փոփոխութիւններով, բայց դա փաստ է, որը ստեղծում է նոր հնարաւորութիւններ տնտեսական համագործակցութեան համար:

Ի հարկէ, մենք այսօր արդէն քննարկել ենք եւ կը քննարկենք տարածաշրջանային բնոյթի հարցեր, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր: Կան բազմաթիւ հարցեր, Համաձայնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստում ես խօսեցի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների պահպանման մասին, որոնք մենք Ձեր օգնութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունել ենք Ատրպէյճանի նախագահի հետ: Դրանք շատ կարեւոր հարցեր են, որոնք ի հարկէ պէտք է քննարկենք, ինչպէս նաեւ քննարկենք օրակարգը, որը յոյս ունենք կը բերի մեր տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան»:

Իր հերթին Վլատիմիր Փութին նշած է.

«Յարգելի Նիկոլ Վլատիմիրի,

առաջին հերթին կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի հրաւէրի համար, շնորհաւոր ՀԱՊԿ-ի մէջ յաջող նախագահութեան աւարտի կապակցութեամբ: Իսկապէս Հայաստանն այդ աշխատանքը իրականացուց շատ բարձր մակարդակով, աշխոյժօրէն: Ի հարկէ, հազուադէպ կը յաջողուի խօսիլ բոլոր հարցերու շուրջ, բայց ընդհանուր առմամբ, աշխատանքը շատ խորը եղաւ եւ օգտակար:

Դուք ընդգծեցիք նաեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնք, անկասկած, կը համարուին դաշնակցային, ունին խոր հին արմատներ, յաճախ նաեւ անհրաժեշտութիւն չկայ մտնելու պատմութեան մէջ, մեզի համար արդէն պարզ է, ինչպիսի նշանակութիւն այն ունի մեր երկկողմ յարաբերութիւններու համար:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան, ապա եթէ նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աճած էր 12 տոկոսով, ապա ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն այն արդէն աճած է 67 տոկոսով: Այո, սա պայմանաւորուած է այսօրուան առանձնայատկութիւններով, բայց, անկասկած, այն պիտի ըլլայ հիմք նաեւ ապագայի համար: Այստեղ որեւէ կասկած չկայ:

Երբ հանդիպեցանք, մեքենայով կու գայինք, քննարկեցինք տարածաշրջանային բնոյթի հարցեր, այդ թուում՝ տարածաշրջանին մէջ կարգաւորման վերաբերող հարցեր, խօսեցանք փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման մասին: Շատ ուրախ եմ, որ այսօրուան միջոցառումներու ծիրէն ներս երկկողմ հանդիպում կայացնելու հնարաւորութիւն կայ: Շնորհակալ եմ հրաւէրի համար»: