image

Զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին. Գանատացի գործիչ

Զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին. Գանատացի գործիչ

Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ճոլին համերաշխութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին։

«ԵԱՀԿ-ի մէջ հանդիպեցայ իմ հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Ես յայտնեցի Գանատայի համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին, հաստատեցի որ Գանատան խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախման կապակցութեամբ, որ հայ զինուորներու մահուան յանգեցուց», գրած է ան Թուիթըրի մէջ: