image

Փաշինեան պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին

Փաշինեան պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին

Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի 2026-ի օգոստոս 15-ին Ղրղզստանի Չոլփոն-Աթա քաղաքին մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին։

Այս մասին յունիս 18-ին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Փաշինեանը։

Փաշինեանը նշած է, որ յանձնաժողովի նիստին պիտի ներկայացնէ դէպի Ռուսիա հայկական արտահանման հետ կապուած խնդիրները։

«Այդ նիստին մասնակցութիւն կ՚ունենամ, եւ, ինչպէս ասել եմ, կը զբաղուենք այդ հարցերով, սակայն այսօր էլ արդէն իսկ զբաղւում ենք. ԵԱՏՄ ինստիտուտները աշխատում են»,-ըսած է վարչապետը։