image

Պէյրութի ՍԴՀԿ-Ն «Նոր Հաճըն» հայաշատ շրջանի ակումբին մէջ. Հայ կուսակցութեանց հերթական նիստ

Պէյրութի ՍԴՀԿ-Ն «Նոր Հաճըն» հայաշատ շրջանի ակումբին մէջ. Հայ կուսակցութեանց հերթական նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ:

Ժողովականները արծարծեցին գաղութային, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային նորագոյն զարգացումները: Քննարկումի առարկայ հանդիսացաւ Լիբանանի հարաւային շրջանին ապահովական փխրուն վիճակը` ի տես իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն: Ժողովականները դատապարտեցին իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները եւ շեշտեցին զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը, եւ ժողովականները զգուշացուցին Միջին Արեւելքի կացութեան վրայ Անգարայի միջամտութիւններուն վտանգաւոր հետեւանքներէն:

Խօսելով Լիբանանի գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` ժողովականները արծարծեցին սահմանադրական այդ կարեւոր իրադարձութիւնը, շեշտելով լիբանանահայ արժանի ներկայացուցիչներ ընտրելու հրամայականը:

Ի տես Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու գալուստին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները ջերմ բարեմաղթանքներ փոխանցեցին բոլոր լիբանանցիներուն եւ մանաւանդ լիբանանահայերուն, յուսալով, որ 2026 տարին ըլլայ դրականութեամբ, կառուցողականութեամբ եւ յաջողութեամբ լեցուն:

 

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

 

 

Լուրը «Ազդակ»էն