image

Ժուլիան Ասանժ ազատ արձակուեցաւ

Ժուլիան Ասանժ ազատ արձակուեցաւ

WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է բրիտանական Պելմարշ բանտէն, ուր ան անցուցած է 1901 օր: Ասանժն արդէն լքած է Մեծ Բրիտանիոյ տարածքը:

WikiLeaks-ի X-ի էջը նշած է, որ դատարանի նման որոշումը հնարաւոր դարձած է մամուլի ազատութեան համար պայքարող կազմակերպութիւններու, քաղաքական գործիչներու, մինչեւ անգամ ՄԱԿ-ի ջանքերու շնորհիւ: Բանակցութիւններ վարուած են նաեւ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան հետ, սակայն գործարքը դեռ աւարտած չէ:

The New York Times-ի տուեալով՝ ազատ արձակման դիմաց Ասանժ պիտի ընդունի ԱՄՆ լրտեսութեան մասին օրէնքը խախտելու համար իրեն ներկայացուող մեղադրանքը: Կ՚ակնկալուի, որ անոր վերջնական վճիռը կայացուի 26 յունիսին, Սայփան կղզիի մէջ:

The New York Times-ը գրած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, ան պիտի դատապարտուի 5 տարի ազատազրկման, այդ ժամկէտը ան արդէն անցուցած է բրիտանական բանտին մէջ: Ասանժին նոր բանտարկութիւն չի սպառնար: