image

Ժամանած են մարդիկ, որոնք չեն արձանագրեր Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալը. ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու պահանջով Երեւանի մէջ ցոյց

Ժամանած են մարդիկ, որոնք չեն արձանագրեր Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալը. ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու պահանջով Երեւանի մէջ ցոյց

Երեւանի մէջ կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի (ՀԱԽ) նստաշրջանին զուգահեռ՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած է «Ո՛չ ՀԱՊԿ-ին, դուրս ՀԱՊԿ-ից» կարգախօսով ցոյց։

Ցոյցի մասնակիցները արձանագրած են, որ Հայաստան ժամանած են մարդիկ, որոնք նոյնիսկ չեն ըսեր, որ Ատրպէյճանը նախայարձակ է եւ ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք։

Յիշեցնենք՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին կը մասնակցի Երեւանի մէջ կայացող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի (ՀԱԽ) նստաշրջանին։ Աւելի վաղ Հայաստան ժամանած էին ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարները՝ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը եւ Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը։

«Յաղթանակ» կամուրջի մօտակայքը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի շարասիւնը ծափողջոյններով եւ դրօշներով դիմաւորած էին որոշ քաղաքացիներ: