image

Զելենսքին ժամանած է Գերմանիա. Ան պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած միջազգային ժողովին

Զելենսքին ժամանած է Գերմանիա. Ան պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած միջազգային ժողովին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ժամանած է Գերմանիա՝ մասնակցելու Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած միջազգային համաժողովին, յայտնած է Bild թերթը:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ համաժողովը բանալէ ետք, ան ելոյթ պիտի ունենայ Պունտեսթագի մէջ եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի եւ Պունտեսթագի նախագահ Պերպել Պասի հետ։

Վերակառուցման համաժողովը Ուքրանիոյ նուիրուած գագաթնաժողովներու շարքի սկիզբն է։ Անկէ ետք Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ G7-ի գագաթնաժողովը, որուն պիտի յաջորդէ Խաղաղութեան համաժողովը Զուիցերիոյ մէջ։