Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնայ ժամանել Քիեւ՝ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։ Այս առաջարկը ըրած է Վլատիմիր Զելենսքին, ուրբաթ՝ Սեպտեմբեր 5-ին, ամերիկեան ABC News հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 5-ին, Վլատիվոսթոքի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան տնտեսական ֆորումին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Փութին դարձեալ յայտարարած է, որ Մոսկուան կը համարէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններու «լաւագոյն վայր»։
Ան նաեւ խոստացած է, որ Զելենսքիին պիտի տրուի ապահովութեան «100 տոկոսանոց» երաշխիք, եթէ ան գայ Ռուսիոյ մայրաքաղաք։