ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն CNN-ին տուած հարցազրոյցին կոչ ըրած է Վլատիմիր Զելենսքիին ներողութիւն խնդրելու Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ վիճաբանութեան համար։
«Զելենսքին պէտք է ներողութիւն խնդրէ Թրամփի հետ հանդիպման համար, որ վերածուած է ֆիասքոյի (ձախողութեան)։ Ան կարիք չունէր երթալու այնտեղ հանդիպման եւ իրեն թշնամաբար պահել։ Կարելի չէ ստիպել ուրիշները նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ իրենց յարձակողական պահելով»,-ըսած է Ռուպիոն։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Զելենսքին, Fox News-ի հարցին՝ ներողութիւն խնդրելու մասին, ըսած է, որ «չի կարծեր, որ վատ բան ըրած է»։