image

Զելենսքին դէպի Վրաստան

Զելենսքին դէպի Վրաստան

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին աշխատանքային այցով մեկնած է Վրաստան՝ մասնակցելու «Եռեակ ընկերակցութեան» ձեւաչափով գործունէութեան, կը յայտնէ korrespondent.net լրատուականը՝ յղում տալով նախագահի մամուլի ծառայութեան։

Այցի շրջածիրէն ներս Զելենսքին կը նախատեսէ սկսիլ Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի` «Association trio»-ի ձեւաչափով գործունէութիւնը՝  պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով։ Երեք երկիրներու ղեկավարները «Եռեակ ընկերակցութեան» գագաթնաժողովի հռչակագիր պիտի ստորագրեն եւ համատեղ հանդիպում ունենան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ:

Զելենսքին, Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին եւ Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Մայա Սանտուն ԵԽ նախագահ Շարլ Միշելի հետ պիտի մասնակցին նաեւ Պաթումի միջազգային խորհրդաժողովին։

Լրատուականը յիշեցուցած է Մայիսին Ուքրանիան, Վրաստանը եւ Մոլտովան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով պայմանաւորուած էին արագցնել եւրոպական համարկումը, որ սատարած էր ԵՄ-ն։