image

Զելենսքի կը խօսի Յունիսին «վճռական» գրոհի մը մասին

Զելենսքի կը խօսի  Յունիսին «վճռական»  գրոհի մը մասին

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ըսած է, որ Ուքրանիան շուտով հզօր զէնք պիտի ստանայ Արեւմուտքէն, իսկ յետոյ պիտի սկսի աշխոյժ յարձակողական գործողութիւններ` իր տարածքը ազատագրելու համար:

Արեսթովիչ ըսած է, որ Մայիսի վերջը-Յունիսի սկիզբը արեւմտեան զէնքերը պիտի ժամանեն «առեւտրային քանակութեամբ, որ կրնայ փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը յստակ տարածքներու մէջ»:

«Յունիսի վերջ-Յուլիս ամիսներուն մեր կողմէ թէժ յարձակում պիտի ըլլայ», յաւելած է  նախագահի գրասենեակի ղեկավարին խորհրդականը: