Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ըսած է, որ Ուքրանիան շուտով հզօր զէնք պիտի ստանայ Արեւմուտքէն, իսկ յետոյ պիտի սկսի աշխոյժ յարձակողական գործողութիւններ` իր տարածքը ազատագրելու համար:
Արեսթովիչ ըսած է, որ Մայիսի վերջը-Յունիսի սկիզբը արեւմտեան զէնքերը պիտի ժամանեն «առեւտրային քանակութեամբ, որ կրնայ փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը յստակ տարածքներու մէջ»:
«Յունիսի վերջ-Յուլիս ամիսներուն մեր կողմէ թէժ յարձակում պիտի ըլլայ», յաւելած է նախագահի գրասենեակի ղեկավարին խորհրդականը: