Քաթարը դատապարտած է Իրանի կողմէ Յորդանանի, Քուէյթի եւ Պահրէյնի դէմ գործադրուած յարձակումները՝ զանոնք որակելով պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ միջազգային իրաւունքի կանոններու կոպիտ խախտում։ Այս մասին հաղորդած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚ընդգծէ տարածաշրջանը այս անհիմն յարձակումներու հետեւանքներէն զերծ պահելու եւ լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու համար», նշուած է X հարթակին վրայ նախարարութեան էջին կատարուած գրառման մէջ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատած է իր ամբողջական համերաշխութիւնը Յորդանանի, Քուէյթի եւ Պահրէյնի հետ եւ իր աջակցութիւնը յայտնած է անոնց կողմէ ձեռնարկուող բոլոր քայլերուն, որոնք ուղղուած են սեփական երկրի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան պահպանման։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին օրերուն իրավիճակը կրկին սրած է։ Միացեալ Նահանգները հարուածներ հասցուցած է Իրանին, իսկ պաշտօնական Թեհրանը սկսած է պատասխան հարուածներ հասցնել տարածաշրջանի երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։