image

«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային»ը՝ 2024-ի առաջին կիսամեակի ամենախոշոր հարկատու

«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային»ը՝ 2024-ի առաջին կիսամեակի ամենախոշոր  հարկատու

2024-ի առաջին կիսամեակի տուեալներով Հայաստանի ամենամեծ հարկատուն «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ն (ԶՊՄԿ) է՝ վճարած 64 միլիառ դրամի հարկերով։

Այդ մասին կը տեղեկանանք պետական եկամուտներու կոմիտէի հրապարակած 1 000 խոշոր հարկատուներու ցանկէն։

2023-ի առաջին կիսամեակի համեմատ ԶՊՄԿ-ի հարկերն այս տարի աւելցած են մօտ 84 տոկոսով։

Այս տարուան առաջին կիսամեակին երկրորդ ամենամեծ հարկատուն «Մոպայլ սենթր»-ն է՝ վճարած 32,3 միլիառով։ «Մոպայլ սենթր»-ը կը զբաղի հեռախօսներու, տեխնիկայի ներմուծմամբ ու արտահանմամբ։ Ընկերութեան հարկերը շուրջ երկու տարի կտրուկ աճած են՝ Ռուսիա իրականացուող վերաարտահանման հետեւանքով։ Եթէ 2023-ի առաջին կիսամեակին «Մոպայլ սենթր»-ի վճարած հարկերու ծաւալը մօտ 16 միլիառ էր, այժմ այդ թիւը կրկնապատկուած է։

2024-ի առաջին կիսամեակին ամենաշատ հարկ վճարած երրորդ ընկերութիւնը «Կազփրոմ Արմենիա»-ն է, որ վճարած է 27,5 միլիառի հարկեր՝ 3,1 միլիառով պակաս անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածէմ։ «Կրանտ թոպաքօ»-ն վճարած 23,5 միլիառ դրամով չորրորդն է։

Կենցաղային տեխնիկայի ներմուծմամբ, վաճառքով, արտահանմամբ զբաղող «Փրիթի ուէյ» ընկերութիւնը, որ առաւել յայտնի է որպէս Vesta խանութներու ցանց, հինգերորդ ամենամեծ հարկատուն է։ Անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ «Փրիթի ուէյ»-ի հարկերն աւելցած են մօտ 2 միլիառով։

Նախորդ տարուան առաջին 6 ամիսներուն 1 000 խոշոր հարկատուներու վերին հորիզոնականներուն վրայ էր «Արդշինբանկ»-ը՝ մօտ 19 միլիառի հարկերով։ Այս տարուան առաջին կիսամեակին դրամատունը հարկերը նուազեցուցած է մօտ 69 տոկոսով, վճարած է 5,9 միլիառ դրամ։ Հարկերու ծաւալը նուազեցուցած է նաեւ «Ամերիաբանկ»-ը, եթէ անցած տարուան համադրելի ժամանակահատուածին ընկերութիւնը վճարած էր 19,8 միլիառ դրամ, այժմ այդ թիւը 17,5 միլիառ է։

66 տոկոսով հարկերու ծաւալը մեծցուցած է Վիգէն եւ Վահէ Բադալեաններուն պատկանող «Սոֆտ կոնստրակտ» ընկերութիւնը՝ աւելի յայտնի որպէս Vivaro, որ նաեւ արհեստագիտական ուղղուածութիւն ունի։ Այս տարուան առաջին կիսամեակին ընկերութիւնը վճարած է 9,3 միլիառ դրամի հարկեր։