image
Հրատապ լուրեր:

Յովհաննէս Պաչքովը Եւրոպայի եռակի ախոյեան

Յովհաննէս Պաչքովը Եւրոպայի եռակի ախոյեան

Հայաստանի առաջատար բռնցքամարտիկ, Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եռակի պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչքով երրորդ անգամ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը:

Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող առաջնութեան 63,5 քկ քաշային կարգի աւարտական մրցումին Յովհաննէս Պաչքովը մենամարտեց Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Լունէս Ամրաոիի հետ եւ յաղթանակ տարաւ մրցավարներու միաձայն որոշմամբ: Երեք փուլերուն ալ Պաչքովը յաղթեց 5:0 արդիւնքով: Երրորդ փուլին նաեւ նոքթաունի ենթարկեց մրցակիցը:

Սա Յովհաննէս Պաչքովի երրորդ ախոյեանութիւնն է: Առաջին անգամ կիւմրեցի բռնցքամարտիկը ախոյեան դարձած էր 2017 թուականին Խարքովի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Երկրորդ ոսկէ մետալը նուաճած էր 2019 թուականին Մինսքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խաղերուն, որ այդ տարի կը փոխարինէր Եւրոպայի ախոյեանութեան: