2022 թուականի Յունիսին 2021 թուականի Յունիսի համեմատ գրանցուած է ալիւրի` 17,7 տոկոս գնաճ, իսկ այդ ընթացքին հացը թանկացած է 20 տոկոսով:
Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներով` 2022 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն գրանցուած է բարձր` 8,1 տոկոսանոց գնաճ: 2022 թուականի Յունիսի 2021-ի նոյն ամսուան համեմատ գնաճը կազմած է 10,3 տոկոս․ վերջին 15 տարիներու ընթացքին նման երկնիշ գնաճ չէ արձանագրուած: Շարունակական գնաճի մասին կը փաստէ նաեւ այն, որ Յունիսին Մայիսի համեմատ արձանագրուած է 0,3 տոկոս գնաճ:
Առաւել մտահոգիչ է, որ Յունիսին 17,1 տոկոսնոց գնաճ գրանցուած է սննդամթերքի շուկային մէջ, որմէ կը տուժեն յատկապէս ընկերային գետնի վրայ խոցելի խումբերը` թոշակառուները, նպաստառուները եւ բազմազաւակ ընտանիքները, քանի որ անոնք իրենց եկամուտին զգալի մասը կը ծախսեն սննդամթերք ձեռք բերելու համար: Ուշագրաւ է, որ միայն Յունիսին հացեղէնը եւ ձաւարեղէնը թանկացած են 19,9 տոկոսով: Այն պարագային, երբ մարդոց թոշակները եւ նպաստները մնացած են նոյնը: Միաժամանակ 2022 թուականի Յունիսին 2021 թուականի Յունիսի համեմատ գրանցուած է ալիւրի` 17,7 տոկոս գնաճ, իսկ այդ ընթացքին հացը թանկացած է 20 տոկոսով:
Մրցակցութեան յանձնաժողովի անգործութեան պատճառով` շաքարաւազի շուկան կը շարունակէ աչքի իյնալ իր մենաշնորհութեամբ, մասնաւորապէս` շաքարի եւ շաքարաւազի ապրանքախումբին մէջ 2022 թուականի Յունիսին 2021 թուականի Յունիսի համեմատ արձանագրուած է 6.9 տոկոս գնաճ: