ԱՄՆ -ի Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան ընդունած է Յունաց Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական կայքէջէն, ուր կատարուած է հետեւեալ գրառումը՝
Հինգշաբթի՝ 11 Յունուարին, թեմակալ առաջնորդ` Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանը ընդունեց Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդը, Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ։
Ամերիկայի Յունաց Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսը յատուկ այցելութիւն մը կատարեց Մեսրոպ Եպիսկոպոսին՝ իր ջերմագին ողջոյնները փոխանցելու համար, 6 Յունուարին նշուող Հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով։
Համայնքներու միջեւ կատարուած այցը նշանակալից էր՝ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ ներդաշնակութեան ջերմ մաղթանքներու փոխանակմամբ: Եկեղեցւոյ երկու առաջնորդները նախապէս փոխանակած էին իրենց շնորհաւորանքները Նոր Տարիէն անմիջապէս ետք, երբ Մեսրոպ Սրբազանը այցելած էր Նիւ Եորքի Յունաց Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսին։«Այս կարեւոր իրադարձութիւնը ոչ միայն կ՚ամրապնդէ Յոյն Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ եղած հոգեւոր կապը, այլ նաեւ ցոյց կու տայ հաշտութեան ոգին եւ միասնութեան ձգտումը, որ կը գերազանցէ դաւանանքի սահմանները», - ըսուած է Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ յայտարարութեան մէջ, 11 Յունուարի ժողովէն անմիջապէս ետք։
Թեմական կեդրոնի սրահին մէջ կայացած հանդիսաւոր հանդիպման ներկայ էր նաեւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սիմէոն Օտապաշեանը։
Այցի ընթացքին, Արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսին կ՚ուղղեկցէին՝ եպիսկոպոս՝ Աթենակորաս Նազիանզոսը, քահանայ՝ Նիքոլաս Քազարեանը եւ սարկաւագ՝ Պետրոս Կոմէզը։