image

Յստակացան 2026ի Creative Armenia-AGBU Fellowships ծրագրի մասնակցողները

Յստակացան 2026ի Creative Armenia-AGBU Fellowships ծրագրի մասնակցողները

ՀԲԸՄն եւ Creative Armenia-ն համատեղ յայտարարած են 2026ի Creative Armenia-AGBU Fellowships ծրագրի մասնակիցներու (fellow) անունները։ Մէկամեայ այս ծրագրի շրջածիրէն ներս հինգ տաղանդաւոր արուեստագէտներու պիտի տրամադրուի 5000 տոլարի դրամաշնորհ, ոլորտի առաջատարներէ խորհուրդներ եւ ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ մասնագիտական առաջխաղացման տարատեսակ հնարաւորութիւններ:

Ծրագրի հիմնադրման օրէն ի վեր ըլլալով Creative Armenia-ի գործընկերը՝ ՀԲԸՄն իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յայտնած է 2026ի շահառուներուն, որոնց շարքին են տեսողական արուեստագէտ Գարուշ Մելքոնեանը, յօրինող եւ երաժիշտ Ճոզեֆ Պողիկեանը, բեմադրիչ Օֆելիա Յարութիւնեանը, երաժիշտ եւ հնչիւնային ձեւաւորող Արմէն Պապեանը, եւ գրող Լիկա Զաքարեանը։

«Ամէն տարի Creative Armenia-ի Fellow-ները եւս մէկ անգամ կ՚ապացուցեն, որ հայկական աշխարհի մէջ բացառիկ ստեղծագործական տաղանդի պակաս երբեք չի զգացուիր։ Մենք կը մաղթենք, որ 2026ի Fellow-ներն այնպիսի փորձառութիւն ունենան, որ էական եւ բովանդակային կերպով կը նպաստէ անոնց ստեղծագործական ու մասնագիտական առաջընթացին», նշած է ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Մանուկեանը։

2026ին ընտրուած հինգ Fellow-ները կը միանան Creative Armenia-AGBU-ի շրջանաւարտներուն, որոնց շարքին են երաժիշտներ, նկարիչներ, բեմադրիչներ, գրողներ եւ այլ արուեստագէտներ: Անոնք արդէն ստացած են Creative Armenia-ի եւ ՀԲԸՄի աջակցութիւնը, զարգացուցած են իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը եւ այժմ հանդէս կու գան որպէս Հայաստանի մշակութային դեսպաններ։

«Մենք հպարտ ենք, որ ՀԲԸՄի հետ կը բանանք նոր շրջան։ Միասին մենք կը ստեղծենք հայկական մշակոյթի ալիք մը, որու ազդեցութիւնը պիտի զգացուի սերունդներ շարունակ», նշած է Creative Armenia-ի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեանը:

Ծրագրի եւ Fellow-ներու մասին աւելին իմանալու համար կրնաք այցելել՝ creativearmenia.org/creative-armenia-agbu-fellowships կայքէջը։

Creative Armenia-ն համահայկական մշակութային հիմնադրամ է, որու նպատակն է բացայայտել, աջակցիլ եւ խթանել նորարար տաղանդներ։

Մէկ դարէ աւելի Սփիւռքի եւ Հայաստանի վստահութիւնը վայելող ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ հնարաւորութիւններ ստեղծել հայ արուեստագէտներու համար՝ տրամադրելով կատարողական արուեստի համալսարանական կրթաթոշակներ եւ մասնագիտական նախագիծերու մասնակցելու հնարաւորութիւններ։