Իրանը իսկապէս կը ցանկայ համաձայնութիւն կնքել։ Այս մասին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրած է իր Truth Social հարթակի էջին վրայ։
«Իրանը իսկապէս կը փափաքի համաձայնութեան մը հասնիլ, եւ ատիկա լաւ գործարք պիտի ըլլայ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ անոնց համար, որոնք մեր կողքին կը գտնուին։ Սակայն մի՞թէ «Տխմարոկրատները» (Democrats-ի նկատմամբ իր օգտագործած բնորոշումը) եւ տարբեր հանրապետականներ, որոնք արտաքուստ հայրենասիրութեան զգացում չեն արտայայտեր, չեն հասկնար, որ ինծի համար շատ աւելի դժուար է պատշաճ կերպով կատարել իմ աշխատանքս եւ վարել բանակցութիւնները, երբ քաղաքական կամակատարներ շարունակեն բացասական մեկնաբանութիւններ ընել՝ աննախադէպ մակարդակներով, կրկին ու կրկին պնդելով, որ ես պէտք է աւելի արագ շարժիմ, կամ աւելի դանդաղ, կամ պատերազմի երթամ, կամ պատերազմէ խուսափիմ, կամ ինչ ալ ըլլայ։ Պարզապէս հանգիստ մնացէք եւ վստահեցէք գործընթացին. ի վերջոյ ամէն ինչ շատ լաւ պիտի դասաւորուի, ինչպէս միշտ»,– գրած է Թրամփ։