Տաղստանի մէջ սպաննուած է առնուազն վեց զինեալ: Mash Telegram ալիքի տուեալներով՝ չորսը ոչնչացուած են Մախաչքալայի մէջ, երկուքը՝ Տերպենթի։
Վիրաւորուած է 13 ոստիկան եւ քաղաքի երեք բնակիչ։
Ահաբեկիչներու հետ փոխհրաձգութեան հետեւանքով ութ ոստիկան մահացած է։ Ընդհանուր առմամբ զոհուած է 10 մարդ։ Անոնցմէ երկուքը խաղաղ բնակիչներ են։