image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ ռուս գործիչին Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն լսեր կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի տեսակէտները

Ըստ ռուս գործիչին Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն լսեր կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի տեսակէտները

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը նախընտրեն խաղաղ կարգաւորման բոլոր հարցերն ինքնուրոյն լուծել. նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը ռուսական «Ռազվետչիք» ամսագրին տուած հարցազրոյցին:

«ԱՄՆ-ն կը կորսնցնէ նախաձեռնութիւնը բոլոր ճակատներու վրայ, իսկ յետխորհրդային տարածքին մէջ Ուաշինկթընը սկսած է տապալիլ։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն այնքնան ալ չեն լսեր խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի առաջարկութիւնները՝ նախընտրելով բոլոր հարցերը ինքնուրոյն լուծել», - նշած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէնը: