Նոյեմբեր 25-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով տեսակապի ձեւաչափով հանդիպած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Աննիքա Սոտըրի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Պայրամովը տեղեկացուցած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին, եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման հետ կապուած հարցերուն, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումներու մասին՝ կապուած տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացման հետ:
Զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Ատրպէյճանը կը շարժի տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն ապահովելու դիրքերէն եւ պատրաստ է Հայաստանի հետ սկսելու սահմանազատման գործընթացը՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ, սակայն Հայաստանը անոր չէ պատասխանած:
Սոտըր նշած է, որ որպես ԵԱՀԿ գործող նախագահի ներկայացուցիչ, կ'աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան։