image

Ըստ Մուրատովի Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ

Ըստ Մուրատովի Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ

Հետագային որոշում պիտի կայացուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

«Միայն դրական կը գնահատեն ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը։ Մեզի գնահատական կու տայ խաղաղ բնակչութիւնը․ այսօր ԼՂ-ի մէջ կեանքը կ'ընթանայ լիարժէք հունով։ Կան, ի հարկէ, շատ բարդ հարցեր, սակայն գործընթացը առաջ կ'երթայ՝ մարդոց վերադարձը, խնդրային հարցերու լուծումը։ Կը կարծեմ՝ ամէն ինչ նորմալ կ'ըլլայ»,-ըսած է Մուրատովը։ 

Ան աւելցուցած է, որ ռուս խաղաղապահները պիտի գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ 5 տարի։ «Առաջին 5 տարին՝ համաձայնագրով, որ ստորագրած են երեք պետութիւններու ղեկավարները։ Հետագային ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը երկարաձգելու մասին որոշում պիտի կայացուի»,-աւելցուցած է ան։

Ռուսաստանի հերոս Ռուստամ Մուրատովը 6 Սեպտեմբերին աւարտած է իր առաքելութիւնը որպէս ԼՂ-ի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար։ Այժմ հրամանատար է զօրավար-մայոր Միխայիլ Քոսոպոքովը։