image
Հրատապ լուրեր:

Աստուածաշունչը եւ ծովը...

Աստուածաշունչը եւ ծովը...

  Ծով

Աստուածաշունչ կարդալը  եղած է իմ մեծագոյն հաճոյքներէս մէկը:

Տղայ տիոց կարդացած եմ  զայն՝ սա՛ տարբերութեամբ, որ առաջ աշխարհաբար կը կարդայի, հիմա կը ջանամ գրաբար կարդալ:

Եւ չեն պակսիր հաճելի անակնկալները. վերջինը Գ. Թագաւորաց  7-րդ գլուխի 23-րդ համարն է, որ, ակնարկելով  Սողոմոնին՝ Դաւիթի որդիին,  կ’ըսէ.

-- Եւ արար զծովն ձուլածոյ, տասն կանգուն շրթանէ ի շուրթն:

Որ բառացի կը նշանակէ. «Շինեց ձուլածոյ ծով (մը), որուն (ծաւալը) շուրթէ-շուրթ՝ տասը կանգուն էր»,— այսինքն՝  տրամագիծը:

Արդ, ի՞նչ է այս ծով ըսուածը:

Եւ ի՞նչ է Սողոմոնի շինածը:

Տրուած ըլլալով, որ մեր թարգմանիչները կրնային հետեւած ըլլալ յունարէնին ու լատիներէնին, ապա կը դիմեմ այս երկուքով գրուած Աստուածաշունչերուն: Յունարէնը կու տայ  θάλασσαν, լատիներէնը՝ mare, այսինքն՝ երկուքն ալ ծով. յունարէնը կ’աւելցնէ՝ շինեց “շինեց ծովը”, լատիներէնը՝ ձուլեց “ձուլեց ծովը”:

                                                                             *    *   * 

Աշխարհաբար տարբերակը կու տայ հետեւեալ թարգմանութիւնը. 

--«Ծովը ձուլածոյ շինեց, որուն մէկ եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր»: Եւ Էջատակի ծանօթութիւններով այնքան հարուստ այս թարգմանութիւնը ոչ մէկ բառ ըսած է այս  առեղծուածային ծով-ին մասին:

Մեր բառարաններէն ոչ մէկը ծով բառին կու տայ փոխաբերական այլ  նշանակութիւն մը, որ շեղի աւանդական նշանակութիւններէն, որոնց բոլորն ալ կը նոյնանան մեծ կամ փոքր «ջրային տարածքով»:

Ճարահատ կը դիմեմ անգլերէն թարգմանութեան, որ կ’ըսէ. 

--«And he made a molten sea, ten cubits from the one brim to the other»:

Ինչպէս նկատելի է՝ սա իր կարգին բառացի կը կրկնէ մեզ յուզող եզրը՝  sea “ծով” կամ molten sea “ձուլածոյ ծով”: 

Գրաբարը, աշխարհաբարն ու անգլերէնը այնքան հարազատ են իրարու, որ պարզապէս... յուսահատութիւն կը պատճառեն:

Կը դիմեմ իտալական տարբերակին, որ կ’ըսէ.

--«Poi fece il mare di getto…»:

             Այսինքն՝ «ապա շինեց ծովը թափծուէ»,—որ նոյն «ձուլածոյ ծով»-ն է:

Անդին կը մնար... ֆրանսերէնը, որ կ’ըսէ.

--«Hiram fit alors une grande cuve ronde en bronze…»:

Ինչպէս կը նկատէք, սա բոլորովին նոր ու ազատ թարգմանութիւն մըն է, որ սակայն շատ մեծ պայծառութիւն  կը սփռէ բնագրին վրայ ու մասնաւորաբար մեզ յուզող ծով-ին վրայ, որ թարգմանուած է cuve, որ կը նշանակէ կարաս,  թակոյկ, 

տաշտ, գուռ, որոնց բոլորը կը բնորոշեն ջուրի կամ որեւէ հեղուկի զանազան ձեւի ու չափի ընդունարաններ, ամաններ:

Ուրեմն կառուցուողը հասարակ մահկանացուներուս  ծանօթ «ծով» անհեթեթ հասկացութիւնը չէր, այլ պարզապէս հեղուկի ինչ-որ պարունակիչ մը:

Աղէկ, սակայն ֆրանսերէն թարգմանիչը ուրկէ՞, ի՞նչ բնագիրէ կամ աղբիւրէ  առած է այս թարգմանութիւնը, իմա՝ ծով-ին այս  նշանակութիւնը, երբ  յունարէնն ու լատիներէնը ուրիշ բան կ’ըսեն: 

                                                                *   *   *

Քիչ մը ուշացումով կը դիմեմ  «Նոր հայկազեան»-ին, որ թուելէ  ետք ծով -ին   յարակից հասկացութիւնները՝ ովկիանոս, լիճ, լճակ, կ’աւելցնէ նաեւ... աւազան ջրոյ, տաշտ, կոնք մեծ.  «կոնք»-ը՝ լականն է:

Աւազան ջրոյ... Այս աւազան եզրը պէտք չէ անմիջապէս շփոթել առանձնատան բակը  զարդարող կառոյցի  կամ ծովափին կառուցուած լողարանին  հետ, այլ  ի մտի ունենալ, օրինակ,  «մկրտութեան աւազան» բառակապակցութիւնը, եւ իսկոյն ի յայտ կու գայ անոր «ծաւալուն ջրամանի» նշանակութիւնը:

Կիւրղի Երուսաղէմացին, Երուսաղէմի չորրորդ դարու պատրիարքը (351—386), իր աստուածաշնչական համբաւաւոր մեկնութեանց մէջ,  «ծով ձուլածոյ» բառակապակցութեան  կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. 

--«Աւազան մեծ պղնձի՝ վասն մեծութեան ծով կոչեցաւ»:

Ուրեմն պէտք է ենթադերել, որ ջրային աւազանի, ընդունարանի գաղափարը նուիրականացած է  Դ. դարու մեծանուն պատրիրաքի ա՛յս մեկնաբանութենէն: 

Շատ հետաքրքիր էի գիտնալու, թէ բերուած օրինակին մէջ կիրարկուած  ծով  բառը իր այս իմաստով Աստուածաշունչէն դուրս որեւէ այլ կիրարկութիւն ունեցա՞ծ է մեր եւ այլոց ալ մատենագրութեանց մէջ:

Այս հարցումին պատասխանը տրուած է ստորեւ մեծ հայագէտի մը կողմէ:

Հետաքրքիր էի նաեւ իմանալու, թէ ճիշդ ի՛նչ գրուած էր եբրայական բնագրերու մէջ, եւ դիմեցի Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ եւ մեծ հայագէտ  պրոֆ. Մայքլ Սթոնին, որմէ ստացայ հետեւեալը.

«Յարգելի՛ պն. Եղիայեան,

Τhe Hebrew word is ים, yam, and it exactly means ծով։ so the Black Sea, the Mediterranean Sea etc. It is used as the name of a large vessel containing water in the Temple, as is clear from the continuation of the verse there, as you surely know. In that meaning, only in the context of the   Temple (տաճար). In   the   Septugint  it  is   τὴν  

θάλασσαν,  also =  ծով:  

Ասորերէն չնայեցի, որովհետեւ արտասահման եմ եւ գիրքերս չունիմ հետս։ 

  Լաւագոյն մաղթանքներով՝

                                                                                                                           Մայքլ» 

 

========================

Սողոմոնի տաճարը

Վարը՝ ձախին խալկինը՝ կաթսան, 

այսինքն՝ ծով  կոչուած   աւազանը,

որ 20 թոն ջուր կրնար պարունակել:

 

  

Այս նկարը հայթայթեց յունաբնակ բարեկամս՝ 

Միհրան Քիւրտօղլեանը:

Մեր բոլորին շնորհակալութիւնը:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com