Սա ընդհանուր շարժում է, որ պահուն կ՚ուզեն, կը միանան, որ պահուն կ՚ուզեն, կը հեռանան։ Այսօր Եռաբլուրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է «Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը՝ մեկնաբանելով «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» քաղաքական կազմակերպութեան յայտարարութիւնը։
ԱԺԲ–ն սեպտեմբեր 20-ին յայտարարած է, որ նպատակայարմար չի համարեր հետագայ համագործակցութիւնը շարժման հետ, քանի որ ի յայտ եկած են շարժման որոշակի անընդունելի դրսեւորումներ։
Սրբազանի խօսքով՝ ԱԺԲ-ի հետ որեւէ խնդիր չեն ունեցած, շարժումէն հեռանալու մասին ալ քննարկում չէ եղած, պարզապէս յայտարարութիւն ըրած են։
«Մեր պայքարի գոյներից մէկը պակասեց այս պահին, բայց ես վստահ եմ, որ իրենք ճիշդ կը գնահատեն այս պայքարի կամ շարժման բովանդակութիւնը»,- նշած է Բագրատ սրբազանը։
Ան աւելցուցած է, որ կը գնահատէ միասին անցած ճանապարհը, եւ յիշեցուցած՝ սա ընդհանրական շարժում է, բոլորի պայքարն է մէկ դրօշի՝ ՀՀ եռագոյնի ներքոյ։