image
Հրատապ լուրեր:

ԵԱՏՄ-էն հեռանալու գինը. Ո՞վ պիտի վճարէ վաղուան հաշիւը

ԵԱՏՄ-էն հեռանալու գինը. Ո՞վ պիտի վճարէ վաղուան հաշիւը

Հայաստանի ռազմավարական ընտրութիւնը՝ տնտեսական հաշուարկի եւ քաղաքական անորոշութեան միջեւ

Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղեգիծը վերջին տարիներուն աւելի բացայայտ կերպով կը միտի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացման։ Իշխանութիւնները այս ուղղութիւնը կը ներկայացնեն որպէս բարեփոխումներու, զարգացման եւ նոր հնարաւորութիւններու ճանապարհ, սակայն պետական որոշումները չեն կրնար գնահատուիլ միայն քաղաքական կարգախօսներով կամ գաղափարական ակնկալութիւններով. անոնք նախ եւ առաջ պէտք է ենթարկուին տնտեսական, ռազմավարական եւ ազգային շահերու սթափ հաշուարկի։

Այսօր Հայաստանը անդամ է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ), որուն շնորհիւ տարիներ շարունակ օգտուած է ազատ առեւտուրի պայմաններէ, մաքսային արտօնութիւններէ եւ բազմամիլիոնանոց շուկաներու հասանելիութենէ։ Այս համակարգը ժամանակի ընթացքին դարձած է Հայաստանի տնտեսական կառուցուածքի հիմնական յենասաններէն մէկը։

Թիւերը խօսուն են։ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներով՝ 2024 թուականի առաջին տասը ամիսներուն ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն հետ Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնը գերազանցած է 11 միլիառ տոլարը։ Հայաստանի արտահանման զգալի բաժինը կը շարունակէ ուղղուիլ այդ շուկաներ, մասնաւորաբար Ռուսիա, որ կը մնայ երկրի գլխաւոր տնտեսական գործընկերը։

Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի տուեալներով՝ Հայաստանի արտաքին առեւտուրի զգալի մասը ուղղակիօրէն կապուած է ԵԱՏՄ տնտեսական տարածքին հետ, մինչ արտահանումներու գերակշիռ բաժինը կը կեդրոնանայ ռուսական շուկայէն ներս։ Այս իրողութիւնը կը վկայէ, որ տնտեսական վերակողմնորոշումը պարզ քաղաքական յայտարարութիւն չէ, այլ տարիներ պահանջող, բարդ եւ բարձր գին ունեցող գործընթաց։

Ուժանիւթային գործօնը՝ անտեսուած, բայց որոշիչ

Տնտեսական փոխկախուածութիւնը չի սահմանափակուիր միայն առեւտրով։ Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութիւնը եւս սերտօրէն կապուած է արտաքին գործընկերներու հետ։ Երկիրը բնական կազ կը ներմուծէ Ռուսաստանէն՝ համեմատաբար արտօնեալ պայմաններով։ Սահմանին մատակարարուող կազի գինը ներկայիս կը կազմէ շուրջ 165 տոլար՝ հազար խորանարդ մեթրի դիմաց։

Թէեւ ապագայի վերաբերեալ վերջնական կանխատեսումներ ընել հնարաւոր չէ, սակայն ակնյայտ է, որ քաղաքական կամ տնտեսական յարաբերութիւններու փոփոխութիւնը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ գործող պայմանաւորուածութիւններուն վրայ։ Այդ պարագային հետեւանքները կրնան անմիջական ըլլալ՝ արտադրական ծախսերու աճ, ելեկտրականութեան սակագիններու բարձրացում եւ ընդհանուր գնաճային ճնշումներ։

 

Տնտեսական հետեւանքներու վտանգը

Հայաստանի համար ԵԱՏՄ-էն հեռանալու կամ այդ համակարգին մէջ իր դերակատարութիւնը թուլացնելու որեւէ քայլ կրնայ յանգեցնել լուրջ տնտեսական հետեւանքներու՝ արտահանման նուազումի, ներդրումներու կրճատման, մաքսային նոր խոչընդոտներու եւ արտադրական մրցունակութեան անկումի։

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը զգուշացուցած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան աւելի սերտ տնտեսական համարկումը գործնականօրէն կրնայ նշանակել ԵԱՏՄ տնտեսական տարածքէն աստիճանական հեռացում՝ իր ազդեցութիւնը ունենալով արտահանման, արտադրութեան եւ տնտեսական աճի վրայ։

Նման գնահատականներ հնչած են նաեւ ռուս այլ պաշտօնատարներուն կողմէ, որոնք կը շեշտեն, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը խորապէս ամբողջացուած է ԵԱՏՄ տնտեսական համակարգին մէջ, իսկ այդ կապերու վերաձեւաւորումը կրնայ վերածուիլ երկարատեւ եւ ծախսատար գործընթացի։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոյնպէս բազմիցս ընդգծած է ԵԱՏՄ-ի կարեւորութիւնը՝ որպէս միասնական տնտեսական տարածք, ուր ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժը կը նպաստէ տնտեսական աճին ու կայունութեան։ Անկախ քաղաքական մեկնաբանութիւններէ՝ այս իրողութիւնը կը մնայ տարածաշրջանային տնտեսական իրականութիւն։

 

Տարածաշրջանային մրցակցութիւն եւ կորսուող հնարաւորութիւններ

Մինչ Հայաստանը կը քննարկէ իր եւրոպական հեռանկարները, տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ընդլայնել իր տնտեսական համագործակցութիւնը ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն հետ։ Եթէ նման զարգացումներ իրականութիւն դառնան, տարածաշրջանին մէջ կրնայ ձեւաւորուիլ նոր տնտեսական դասաւորում, ուր Հայաստանը աստիճանաբար կորսնցնէ այն դիրքերը, որոնք տարիներ շարունակ ապահոված էր իր համար։

Տնտեսական դաշտին մէջ դատարկութիւն գոյութիւն չունի։ Այն տարածքները, զորս մէկը կը լքէ, շատ արագ կը գրաւուին ուրիշներու կողմէն։

 

Պետական պարտք. ապագայի ծանր բեռը

Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան տուեալներով՝ պետական պարտքը արդէն կը մօտենայ 14 միլիառ տոլարի սահմանին։

Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին կը տրամադրէ ֆինանսական աջակցութիւններ եւ զարգացման ծրագիրներ, սակայն այդ միջոցներուն զգալի մասը վարկային բնոյթ ունի։ Ուրեմն՝ խօսքը ոչ թէ անվերադարձ օժանդակութեան, այլ ապագային վերադարձուելիք պարտաւորութիւններու մասին է։

Հետեւաբար, տնտեսական որոշումներու իրական գինը երբեք չի սահմանափակուիր ներկայ պահով։ Անոր հետեւանքները կրնան փոխանցուիլ գալիք տարիներուն եւ ծանրանալ ապագայ սերունդներու ուսերուն։

 

 Եզրակացութիւն

Հայաստանի առջեւ կանգնած ընտրութիւնը պարզապէս արտաքին քաղաքական կողմնորոշման հարց չէ։ Անիկա ազգային տնտեսական անվտանգութեան, ուժանիւթային կայունութեան, մրցունակութեան եւ պետական պատասխանատուութեան հարց է։

Ամէն ռազմավարական ընտրութիւն ունի իր գինը, սակայն պետական գործիչներու պարտականութիւնն է նախապէս հաշուել այդ գինը եւ ազնիւ կերպով ներկայացնել զայն հասարակութեան, որովհետեւ երբ տնտեսական կապերը կը չափուին միլիառներով, ուժանիւթային համակարգերը՝ կախուածութիւններով, իսկ պետական պարտքը՝ աճող պարտաւորութիւններով, քաղաքական որոշումները այլեւս չեն կրնար հիմնուիլ միայն տրամադրութիւններու կամ կարգախօսներու վրայ։

Ամենակարեւոր հարցադրումը կը մնայ նոյնը.

Հայաստանը պատրա՞ստ է վճարելու այն հաշիւը, որ կրնայ բացուիլ ընտրութիւններուն հետեւանքով, եւ եթէ այո՝ ո՞վ պիտի վճարէ այդ հաշիւը՝ այսօրուա՞ն իշխանութիւնը, թէ վաղուա՞ն քաղաքացին։

 

Աւետիս Պագգալեան
«Ապագայ»

Յունիս 11, 2026