image

Ընդդիմութիւնը անցաւ գործի. Առաջին երթը ՝ Իջեւանէն Երեւան

  Ընդդիմութիւնը անցաւ գործի. Առաջին երթը ՝ Իջեւանէն Երեւան

Հայաստանի ընդդիմադիր թեւը այսօրուընէ սկսեալ կ՚անցնի  կտրական գործողութիւններու նպատակ ունենալով  Փաշինեանը հեռացնել եւ իշխանափոխութիւն իրականացնել վիրաւոր Հայաստանի մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր յղում տալով ՀՅԴ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքերուն։

 Կը նշուի, որ այսօր առաւօտեան ժամը  11:00-էն սկսեալ մեկնարկած էր արդէն խումբ մը քաղաքացիներու երթը Իջեւան քաղաքէն։

 Քաղաքացիները պիտի հասնին Երեւան ու միանան Երեւանի մէջ սպասուած բողոքի գործողութիւններուն։

Նշենք նաեւ, որ այսօրուայ առաջին երթին մասին յայտարարութիւն կատարած էր Իշխան Սաղաթէլեան, որ այս փուլին  ընդդիմադիր շարժումի համակարգողն է։