Ազգային ժողովի խորհուրդի այսօր՝ 22 յուլիսին նախատեսուած նիստը չկայացաւ: ԱԺ-էն յայտնած են, որ եթէ երկու ժամուան ընթացքին քուորում ապահովուի, ապա նիստը կը կայանայ:
Յիշեցնենք, որ ԱԺ խորհուրդի նիստի օրակարգին մէջ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր 32 պատգամաւորներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելու մասին հարցն է: