Դեկտեմբեր 3-ին ժամը 13:00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու խումբ մը զինուորականներ ԱՀ Մարտունիի շրջանի Ճարտար համայնքի վարչական տարածք հանդիսացող «Ղուրուսու» կոչուող տեղամասէն կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով, զէնքի գործադրմամբ բացայայտօրէն առեւանգած են նշուած տեղանքը յայտնուած՝ անասնապահութեամբ զբաղող նոյն համայնքի բնակիչ՝ Սէյրան Սմբատի Սարգսեանը եւ տեղափոխած «Կոհակ» կոչուող բարձունքի վրայ տեղակայուած մարտական դիրք, որտեղ ազգային ատելութեան շարժառիթով հրազէնէն կրակոց արձակելով դիտաւորութեամբ ապօրինաբար կեանքէն զրկած են զինք: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն։
ԱՀ ոստիկանութեան կողմէ դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ ԱՀ քրէական օրէնսգրքի 103-րդ յօդուածի սպաննութեան եւ մարդ առեւանգելու յանցանքներու յատկանիշներով:
Քրէական գործը դատախազութեան կողմէ փոխանցուած է ԱՀ քննչական կոմիտէ՝ նախաքննութիւն իրականացնելու համար:
Դէպքի առնչութեամբ Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ ՌԴ խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ ընդգրկուած դատախազներուն հետ փոխգործակցութեամբ պարզուած է, որ ԱՀ քաղաքացիի սպաննութիւնը կատարած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի, շարքային Ռահիմզատէ Տաւիտ Պապիլ օղլըն:
Խաղաղապահները կը բանակցին Սէյրան Սարգսեանի դիակը արցախեան կողմին յանձնելու շուրջ:
Ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ աղաւաղած է յանցաւոր դէպքի հանգամանքները, դիտաւորեալ սպաննութիւնը ներկայացնելով որպէս Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիի կողմէ իրենց մարտական դիրքի ուղղութեամբ յարձակման կասեցում: Արցախեան կողմը ունի համոզիչ ու անհերքելի բաւարար ապացոյցներ, ինչպէս ամբողջական տեսագրութիւն, որ կը փաստէ թէ ատրպէյճանցի զինուորները հարկադրաբար եւ բռնութիւն գործադրելով առեւանգած են արցախցին եւ ոտքերէն ու ձեռքերէն բռնած ատրպէյճանական յենակէտ տեղափոխած: Տեսանիւթը եւ միւս ապացոյցները պիտի տրամադրուին նաեւ ռուսական կողմին:
Դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցելու մասին պաշտօնական տեղեկութիւն ատրպէյճանական կողմը դեռ չէ հրապարակած: