image

Պայմանագրային զինծառայող զոհուած է. ՊՆ

Պայմանագրային զինծառայող զոհուած է. ՊՆ

Սեպտեմբեր 24-ին դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ պայթումի հետեւանքով մահացած է պայմանագրային զինծառայող Դ. Կ.-ն, յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ զինծառայողի ընտանիքը սահմանուած կարգով տեղեկացուած է։