image

Յարձակում Յորդանանի մէջ ԱՄՆ ռազմակայանի վրայ. կայ 3 զոհ, աւելի քան 30 վիրաւոր

Յարձակում Յորդանանի մէջ ԱՄՆ ռազմակայանի վրայ. կայ 3 զոհ, աւելի քան 30 վիրաւոր

Կիրակի՝ յունուար 28-ին, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է Յորդանանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող ռազմակայանի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման մասին, որու հետեւանքով զոհուած է երեք ամերիկացի զինծառայող, շուրջ երեք տասնեակը՝ վիրաւորուած։

Աւելի ուշ Փենթակոնը յայտնած է վիրաւորներու թիւի աճի մասին՝ նշելով, որ անոնցմէ ոմանց տարհանելու անհրաժեշտութիւն եղած է։

«Վնասուածքներ ստացած ամերիկացի զինուորականներու թիւը հասած է առնուազն 34-ի: Ութ վիրաւոր զինծառայող անհրաժեշտ եղած է տարհանել Յորդանանէն՝ աւելի որակեալ բուժօգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Միւսներն ամբողջական բուժզննում կ՚անցնին հետագայ խնամքի ապահովման համար», -ըսուած է Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ Փենթակոնը չէ բացառած վիրաւորներու թիւի աճի հաւանականութիւնը, քանի որ զինծառայողները դեռ կը շարունակեն դիմել բուժօգնութեան համար։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տեղի ունեցածի համար մեղադրած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող խմբաւորումները, որոնք աջակցութիւն կը ստանան Իրանէն։ Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթըն խոստացած է պատասխանել յարձակման։

Իր հերթին յորդանանի նախարարներու գրսենեակի ներկայացուցիչ Մուհաննատ Մուպայտինը յայտարարած է, որ յարձակման ենթարկուած է Սուրիոյ մէջ գտնուող ալ-Թանֆ ամերիկեան ռազմակայանը։