image

Յառաջիկայ Կիրակի օր. Տօնածառի լոյսերու վառում եւ մեծ համերգ

Յառաջիկայ Կիրակի օր. Տօնածառի լոյսերու վառում եւ մեծ համերգ

Երեւան քաղաքի ամանորեայ մշակութային միջոցառումները եւ տօնական ձեւաւորման գործընթացը կազմակերպելու նպատակով դեկտեմբեր 14-ին՝ ժամը 20:00-ին՝ գլխաւոր տօնածառի լոյսերը միացնելու արարողութեան նախատեսուող միջոցառումները կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար, դեկտեմբեր 12-ին՝ ժամը 21:00-էն մինչեւ դեկտեմբեր 15-ը՝ ժամը 07:00-ը ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցուի Հանրապետութեան հրապարակի՝ Տիգրան Մեծի պողոտայի եւ Նալպանտեան փողոցի միջեւ ինկած ճանապարհահատուածի երթևեկութիւնը։

Այս մասին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանէն։

Դեկտեմբեր 14-ին՝ ժամը 16:00-էն ամբողջութեամբ պիտի դադրեցուի երթեւեկութիւնը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ՝ մինչեւ համերգի աւարտը:

Դեկտեմբեր 13-ին՝ ժամը 23:00-էն մինչեւ դեկտեմբեր 14-ը՝ ժամը 00:00-ն երկկողմանի պիտի դադրեցուի երթեւեկութիւնը նաեւ Խորենացիի եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցներուն մէջ: