«Յանկարծ» թատերախումբը աւելի քան տարիէ մը ի վեր բեմ կ'ելլէ ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն գործի հիման վրայ՝ «Սիրտս լեռնագաւառն է» ներկայացումով։ Այս անգամ այն հանդէս պիտի գայ Տիարպէքիրի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Յանկարծ» թատերախումբը աւելի քան տարիէ մը ի վեր բեմ կ'ելլէ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Սիրտս լեռնագաւառն է» ներկայացումով։ Բեմադրիչները, խելամիտ որոշումով մը թէ՛ թրքերէնով եւ թէ հայերէնով կը ներկայացնեն զայն՝ զանազան բեմերուն վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայերէնի թարգմանութեան հեղինակը մեր խմբագրապետն է՝ Ռ. Հատտէճեան։
«Յանկարծ»ի անդամները այս Երկուշաբթի, 28 Ապրիլին, «Սիրտս լեռնագաւառն է»ն պիտի բեմադրեն Տիյարպաքըրի մէջ։ Թատերախաղի լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, ներկայացումը պիտի սարքուի Տիյարպաքըրի «Չանտ Ամէտ-Սէզայի Գարագօչ մշակոյթի եւ համագումարներու պալատ»ի բեմահարթակի վրայ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Լուսանկար՝ Մկրտիչ Արծիւեան