Յովհաննէս Աւոյեան արհեստագիտութեան ոլորտի մէջ ներկայի յաջողակ դէմքերէն մէկն է:
1965-ի ծնունդ Աւոյեան, 1997-ին սկսած է ներդրումներ իրականացնել մասնաւորապէս արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս, նախաձեռնել, որոնք պսակուած են մեծ յաջողութեամբ: Իր վերջին նախաձեռնութիւնը Picsart ծրագիրն է:
Picsart-ը, հայ ծրագրաւորողներու ստեղծած աշխարհի ամենամեծ ստեղծագործական լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու խմբագրման՝ սրբագրող եւ փոփոխող յաւելուածն է, որ ունի նաեւ իր ուրոյն ընկերային հարթակը:
2011-ին, Աւոյեանի դուստրը Զարան, գծագրութեան սիրով տարուած, նկարած պատկերներէն մէկը տեղադրած է ընկերային ցանցի իր էջերէն մէկուն , սակայն ստացած ոչ այնքան քաջալերական մեկնաբանութիւններ: Հայրը տեսնելով թէ աղջիկը սկսած է հիասթափուիլ, ստեղծած է գծագրութեան յատուկ հեռախօսային յաւելուած մը օգնելու աղջկան շարունակել ստեղծագործել: 10 տարի ետք այդ յաւելուածը պիտի դառնար աշխարհի ամէնէն շատ ներբեռնուող ու օգտագործուող յաւելուածներէն մին:
Աւոյեան ձեռնարկատիրութիւններ նախաձեռնելու կողքին դասախօսած է նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս, ուր ինք ուսանած էր: Այնտեղ Աւոյանի ուշադրութիւնը գրաւած են երկու նախկին ուսանողներ՝ Արտաւազդ Մեհրապեան եւ Միքայէլ Վարդանեան, ու անոնց առաջարկած, որ իր ստեղծած յաւելուածը աւելիով մշակեն ու կատարելագործեն։
Յաւելուածը հասանելի է iOS, Android Windows Mobile սարքերու համար: Ան նաեւ հասանելի է Windows 8.1 եւ բարձր համակարգերով համակարգիչներու օգտատէրերուն:
2021 թուականի Յուլիսի դրութեամբ յաւելուածը ունի 1 միլիառէն աւելի ներբեռնում 180 երկիրներու մէջ, ամսական 150 միլիոն գործօն օգտատէր. Picsart- ով կը խմբագրուի 1 միլիառէն աւելի լուսանկար եւ տեսանիւթ մէկ ամսուայ մէջ: Հասանելի է 28 լեզուներով:
Ընկերութեան կեդրոնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, սակայն իր ճարտարագէտներու անձնակազմը կը գտնուի Հայաստան:
Օրերս Հայկական Picsart ընկերութիւնը յայտարարած է, որ 130 միլիոն տոլար ներդրում կը ներգրաւէ։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ՝ Յակոբ Արշակեան:
«Ընկերութեան արժէքը գնահատուել է աւելի քան 1 միլիառ ԱՄՆ տոլար։ Սա շատ մեծ ձեռքբերում է հայկական բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի եւ Հայաստանի համար բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական երկիր դառնալու ճանապարհին։ Շնորհաւորում եւ նորանոր յաջողութիւններ եմ մաղթում Picsart ընկերութեանը եւ տաղանդաւոր անձնակազմին»,- գրած է Արշակեան:
Անդրադառնալով Picsart-ի հանգրուաններուն ու դիմակայած դժուարութիւններուն, հիմնադիր՝ Յովհաննէս Աւոյեան Incrussia-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է,- «2012 թուականին մենք Picsart-էն եկամուտ կ'ապահովէինք գովազդներու միջոցով: Այն ժամանակ այդ էր տարածուած ձեւը, ընդունուած էր, որ խելացի հեռախօներուն (սմարթֆոն) համար նախատեսուած յաւելուածները պէտք է անվճար ըլլան: Մենք կորսնցուցինք թէ՛ յարաշարժութիւնը, թէ՛ հասոյթը եւ թէ՛ փորձը, քանի որ բաժանորդներուն հետ աշխատելու իւրաքանչիւր տարի մեզի կու տայ նոր գիտելիքներ, որոնք թոյլ կու տան բարելաւելու արտադրանքը: Մենք բաժանորդագրութեան անցանք ընդամէնը երեք տարի առաջ: Սակայն առաջուայ նման ունինք անվճար տարբերակ, որ կ'օգտագործուի մեծամասնութեան կողմէ»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի աշխատակիցներուն, Աւոյեան շեշտած է, թէ սկիզբի շրջանին, գործի ընդունելով մեծ թիւով նոր աշխատակիցներ, անոնց մէջ յայտնուած են անհամապատասխան մարդիկ: «Մեր սխալը այդ մարդոց ընկերութեան մէջ երկար ժամանակ պահելն էր», ըսած է Աւոյեան ու շարունակած
«Անհրաժեշտ է ժամանակ տալ, որպէսզի մարդը սորվի եւ մտնէ գործի մէջ, սակայն քանի մը ամիս ետք արդէն յստակ կ'ըլլայ պահել կամ հեռացնել զինք»: «Աշխոյժ աճի շրջանին գտնել այնպիսի աշխատակիցներ, որոնք լաւ կը հասկնան, թէ ինչ պէտք է ընել, ամենամեծ մարտահրաւէրն է»,- ըսած է Աւոյեան:
Ըստ Աւոյեանին, ան 10 տարի ետք հասկցած է թէ ճնշուածութիւնը աշխատանքէն մաս մըն է, այլ ոչ թէ ինչ որ արտասովոր բան: «Որեւէ ձեռնարկ կը թելադրէ թռիչքներ եւ անկումներ: Յաջողութիւնը մէկ գիշերուայ ընթացքին չ'ըլլար: Ամէն անկում թռիչքի նոր հնարաւորութիւն կը ստեղծէ», եզրափակած է Աւոյեան: