image

«Ուսանող ոտքի՛»Երեւանի մէջ. Բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին.

  «Ուսանող ոտքի՛»Երեւանի մէջ. Բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին.

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօր  բողոքի գործողութիւններու երկրորդ օրն է, եւ այս ոճի գործողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ յառաջիկայ 1 մայիսը, երբ կը սպասուի համապետական մեծ  բողոքի հաւաք։

Արմատական ընդդիմութեան  Փաշինեանը տապալելու գործողութիւնները կը շարունակուին։

 

 Այս մասին կը կարդանք  հայրենի ԶԼՄ-ներէ։

 Այս առումով   news.am կայքը կը  հաղորդէ, որ այսօր առաւօտուն Հայաստանի Պետական Համալսարանի տարբեր մասնաշէնքերուն մէջ բողոքի գործողութիւններ տեղի ունեցած են եւ ուսանողներ ի նշան իրենց բողոքին գունաւոր ծուխ  բաց ձգած են եւ վանկարկած ՝ «Ուսանող ոտքի՛» խօսքերը։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ ուսանողները իրենց  համադասարանցիներուն յիշեցուցած են այսօր երեկոյեան տեղի ունենալիք հերթական իրազեկման երթին մասին, որ ընթացք պիտի առնէ Երեւանի «Սասունցի դաւիթ» հրապարակէն  եւ հասնի մինչեւ Օբերայի «Ազատութեան հրապարակ»։

Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօր  բողոքի գործողութիւններու երկրորդ օրն է, եւ այս ոճի գործողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ յառաջիկայ 1 մայիսը, երբ կը սպասուի համապետական մեծ  բողոքի հաւաք։