image

Ուքրանիոյ վաճառուած «Պայրաքտար»ներու իրական թիւը կը թաքցուի

Ուքրանիոյ  վաճառուած «Պայրաքտար»ներու իրական թիւը կը թաքցուի

Թուրքիան «Պայրաքտար» TB2 ԱԹՍ-ներ վաճառած է Ուքրանիոյ աւելի շատ, քան հաղորդուած է, եւ ապագային կրնան ըլլալ նոր մատակարարումներ: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ յղում ընելով Bloomberg գործակալութեան։

Գործակալութեան տուեալներով, որ յղում ըրած է Թուրքիոյ կառավարութեան աղբիւրներուն, խօսքը քանի մը տասնեակ սարքերու մասին է։ Առաջիկային կը նախատեսուի եւս 24 անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարել Ուքրանիա։

Ուքրանիան Թուրքիոյ հետ պայմանագիր կնքած է 2018-ին, եւ ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Պայրաքտար TB2 վեց անօդաչու թռչող սարք եւ երեք կառավարման կայան գնելու շուրջ։ Մատակարարումը աւարտած է 2019-ի Նոյեմբերին։ Պայմանագրի գումարը կազմած է 69 միլիոն տոլար։