Ուքրանական հակամարտութեան հետեւանքով Ռուսիոյ քաղաքացիներու մեծ ներհոսքի շնորհիւ Հայաստանը ՀՆԱ-ի (համախառն ներքին արդիւնք) աճով առաջ անցած է ԱՊՀ միւս բոլոր երկիրներէն։ ՀՀ-ի տնտեսական աճը այս տարի կրնայ հասնիլ 14%-ի՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ նախնական կանխատեսումներով այն պիտի կազմէր 5%, գրած է հեղինակաւոր Forbes ամսագիրը՝ յղում ընելով Renaissance Capital ներդրումային ընկերութեան ուսումնասիրութեան։
Ինչպէս նշած է Renaissance Capital-ի՝ Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ-ի հարցերով գլխաւոր տնտեսագէտ Սոֆիա Տոնեցը, ուքրանական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստանը դարձած է ռուսերու ներհոսքի գլխաւոր շահաւորը։ Վերլուծաբանը կ'ենթադրէ, որ, հակառակ նախնական 5% կանխատեսումներուն, երկրի ՀՆԱ-ի աճը այս տարի պիտի հասնի մինչեւ 14%-ի։
ՀՆԱ-ի տարեկան աճի կանխատեսումներու բարելաւման վրայ պիտի ազդէ ՏՏ ոլորտի բարձր որակաւորում ունեցող ռուս մասնագէտներու ներհոսքը Հայաստան, սակայն, այնուամենայնիւ, տնտեսութեան այլ ճիւղերը եւս կրնան շահիլ, պնդած է Սոֆիա Տոնեցը:
«Մենք կը տեսնենք, որ ՏՏ ոլորտը այժմ ՀՆԱ-ի առումով այնքան ալ մեծ չէ, բայց պետութիւնը կը նպաստէ ՀՀ տեղափոխուող ՏՏ մասնագէտներու կամ ձեռնարկութիւններու տեղայնացման, որ ձեռնտու է երկրի տնտեսութեան։ Այս ոլորտին մէջ մենք կը դիտարկենք երկնիշ աճ։ Հիւրանոցային, ռեստորանային, սպասարկման եւ առեւտուրի ոլորտները ներկայ պահուն մինչեւ 30 տոկոս աճ գրանցած են»,- եզրափակած է ան։