Պատերազմի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ մէջ եւս մէկ հայկական եկեղեցի պիտի կառուցուի։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը։
Խմելնիցքի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմքերու օրհնութեան հանդիսաւոր արարողութիւն։ Օրհնութիւնը կատարած է Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, որուն ձեռամբ 16 վէմ քարեր օծուած եւ ամփոփուած են կառուցուող եկեղեցիի հիմքերուն մէջ։
Այս հոգեւոր կարեւոր իրադարձութեան մասնակցելու համար ուխտաւորներ ժամանած էին Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներէն՝ Քիեւ, Օտեսա, Խարքով, Լվով, Խմելնիցքի, Չեռնովցի, Տեռնոպոլ եւ այլ համայնքներէն։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ եկեղեցիներու կառուցումը, ինքնութեան պահպանումը, վերականգնումն ու պահպանութիւնը Ուքրանիոյ հայկական սփիւռքի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է։